Մխիթար Աբբահայր (1676-1749)
Մխիթար Աբբահայր ծնած է Սեբաստիա 1676ին, երբ
Հայաստանի մեծ մասը եւ ժողովուրդը կ’ապրէր դժուարին օրեր: Տակաւին շատ փոքրիկ
ստացաւ կրօնական դաստիարակութիւն: Բարձրագոյն ուսման անյագ ծարաւով շրջեցաւ
Էջմիածնի, Սեւանի ու Բասենի վանքերը, ուր յուսախաբ չգտաւ իր ակնկալածը: Պատանի
տարիքէն Ս. Նշան վանքին մէջ նուիրուեցաւ անխոնջ ընթերցումի եւ ինքնազարգացման:
Քսան տարեկանին, հազիւ քահանայ ձեռնադրուած՝ ականատես Հայաստանի նիւթական եւ
իմացական տխուր վիճակին, կը յղանայ աշակերտներ հաւաքելու եւ Միաբանութիւն մը
հիմնելու գաղափարը, հաւաքաբար աշխատելու՝ Հայ ժողովուրդին հոգեւոր, բարոյական
եւ իմացական մակարդակը բարձրացնելու համար:
Մեծ խորհուրդ, գեղեցիկ ծրագիր, բայց իրագործումը այդ օրերուն՝ շատ դժուար:
1700ին, ինը աշակերտներէ շրջապատուած, դրաւ հիմը իր երազած հաստատութեան, որ
յաջորդաբար իր անունով ալ պիտի կոչուէր ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հալածուած ազգակիցներէ իր կրօնական եւ ազգային հաշտարար համոզումներուն
պատճառով, կ’ապաստանի նախ Մեթոն (Յունաստան) եւ ապա 1715ին վերջնականապէս
կ’անցնի Վենետիկ: Անձնական ճիգերով եւ բարեկամներու օգնութեամբ՝ օրուան
իշխանութիւններէն սեփականութիւն կը ստանայ Ս.Ղազար կղզին: Պաշտօնապէս հոն կը
հաստատուի 8 Սեպտեմբեր 1717ին, տասնվեց միաբաններով:
Այդ թուականէն սկսեալ, ամայի կղզին կը դառնար օրրանը հայ մշակոյթին, ամենէն
կենսունակ կեդրոնը ԺԸ.րդ դարու Հայկական Վերածնունդին:
Մխիթարի կեանքը մէկ նպատակ ունեցաւ.- Հասցնել պատրաստուած վարդապետներ մտաւոր
լոյս եւ գիտութիւն սփռելու համար Հայ Ժողովուրդին:
Իր բովանդակ կեանքը նուիրեց իր ժողովուրդի լուսաւորութեան սրբազան գործին,
տոգորուած այնպիսի բարոյական կորովով մը՝ որ չի՛ գիտեր կանգ առնել
խոչընդոտներու դիմաց:
Ան խորունկ հաւատքի, բացառիկ կամքի, հզօր եւ խորաթափանց մտքի տէր
անձնաւորութիւն մըն էր, օժտուած իմացական ու հոգեկան արտակարգ ձիրքերով:
Անհուն խանդավառութեամբ լծուեցաւ ծանր ու յարատեւ աշխատանքի՝ շինարարական,
կրօնական եւ ուսումնական մարզերու մէջ:
Մխիթարի գրական արտադրութիւնը կը կազմեն շուրջ քսան հրատարակութիւններ, որոնց
մէջ ամէնէն ակներեւն է «Հայկական Բառարան»ը, որ լոյս տեսած է 1749ին, իր մահէն
երեք շաբաթ յետոյ: Մխիթարի մեծագոյն արժանիքներէն մին: Ընդարձակ գործ եւ
դժուարին ձեռնարկ մը, որ դարձաւ հիմնաքարը եւ փրկութիւնը մեր լեզուին:
Սակայն ամենամեծ նորութիւնը իր հրատարակութիւններուն մէջ որ ամենամեծ նորութեան
պէս ողջունուեցաւ, բանալով դարագլուխ մը, եղաւ «Աստուածաշունչ»ը:
Անոնց կողքին ունի նաեւ լեզուական, մեկնողական եւ քերթողական գործեր:
Մխիթար իբրեւ միտք եւ կարողութիւն հանճարեղ յայտնութիւն մըն է,
ինքնաշխատութեամբ հասած զարգացման բարձրագոյն աստիճաններուն, իմացականութիւն մը,
որ մեր մէջ մտցուց գիտութեան սէրը:
Մխիթար իր աշխատանքով եղաւ ոչ միայն հիմնադիր կրօնական հաստատութեան մը, այլ
վերստեղծող մը գրական, մշակութային, կրթական եւ ուսումնական այնպիսի շարժումի
մը, որ միշտ աւելի զարգացաւ ու ծաւալեցաւ եւ 1800-ական թուականներէն սկսեալ
գործնականապէս յաջողեցաւ ներշնչել ազգային ուժեղ ոգի, գիտակցութիւն, սէր՝
ազգային պատմական եւ մշակութային գանձերուն հանդէպ, հաւատք՝ նոր դարաշրջան մը
սկզբնաւորելու՝ մտաւոր եւ գրական կեանքի ծաղկումով:
իր հրատարակած Աստուածաշունչի վերջաբանին մէջ որպէս կտակ կ’աւանդէ կրօնքի եւ
ազգասիրութեան երկու անշփոթ գաղափարներու վարդապետութիւնը առանց մէկը միւսին
զոհելու. այդ իր տուած ուղղութիւնը եղաւ նկարագիրը իր աշակերտներուն:
Կրօնական ու մշակութային կեանքի մը վերանորոգումին, եւ ատոր հասնելու լուսաւոր
ծրագիրի մը յղացումին մէջ հետեւաբար հարկ է տեսնել անոր բուն արժէքը, եւ
մանաւանդ այն ապառաժեայ կամքին մէջ որ գիտցաւ ստեղծել գրական շարժումի կեդրոն
մը եւ տալ անոր անհրաժեշտ մղումը որպէսզի իր յաջորդները կատարելագործեն իր
ձեռնարկները եւ տան անոնց հաստատութիւն ու բեղմնաւոր կեանք:
Մխիթար եղաւ որ առաջին անգամ, յետ անկումի դարերուն, ներարկեց մեր մէջ կրօնքի,
հայրենիքի, ճշմարտութեան եւ արուեստի գաղափարները, փոխեց մեր մտայնութիւնը,
փարատեց հայ մտքի հորիզոնին թանձր խաւարը բանալով նոր աշխարհ մը լոյսի,
գիտութեան եւ կեանքի:
Մխիթարեան Զոյգ Ճիւղեր Եւ Վերամիացում
Մխիթար կը մահանար 27 Ապրիլ, 1749ին. իրեն կը
յաջորդէր երիտասարդ Ստեփանոս Մելքոնեան Աբբահայրը (1750-1800): Որոշ
տարակարծութիւններու պատճառով, 1773 թուականին, խումբ մը վարդապետներ կը
հեռանան Սբ.Ղազար կղզիէն ուղղուելով Թրիեստ: Սիրալիր հիւրընկալութիւն գտնելով
աւստրիական կայսրութեան կողմէ, վերջնականապէս կը հաստատուին Վիեննայի մէջ
1811ին: Մխիթարեան զոյգ թեւերը բազմաջան աշխատանքով կը նուիրուին հայ
ժողովուրդի կրթադաստիարակչական, մշակութային եւ հովուական ծառայութեան:
Մխիթարեան Միաբանութիւնը, Վենետիկի եւ Վիեննայի իր պատմական զոյգ
ճիւղաւորումներով, յետ երկարամեայ բանակցութիւններու եւ քննարկումներու,
Վենետիկի Սբ. Ղազար Մայրավանքին մէջ, 10-21 Յուլիս, 2000ին, կազմակերպեց
միացեալ ընդհանուր արտակարգ ժողով մը, մասնակցութեամբ երկու հաստատութիւններու
բոլոր միաբաններուն: Սոյն ժողովին Միաբան Վարդապետները միասնաբար որոշեցին
անմիջական եւ ամբողջական միութիւն մը իրականացնել, ստեղծելով Մխիթարեան միացեալ
մէկ Միաբանութիւն, մէկ կեդրոնական վարչութեամբ:
Պատմական այս քայլը կը զուգադիպի Մխիթար Վրդ. Սեբաստացիի կողմէ հիմնուած
Միաբանութեան 300ամեակին, Քրիստոնէութեան 2000ամեայ յոբելեանին, ինչպէս նաեւ
Հայաստանի մէջ Քրիստոնէական Կրօնքի պաշտօնական ընդունման 1700ամեակին:
Ներկայիս գոյութիւն ունի մէկ Մխիթարեան Միաբանութիւն, որուն գլխաւոր
կեդրոնատեղին է Վենետիկի Սբ. Ղազարի Մայրավանքը, իսկ Վիեննայի վանքը կը դառնայ
իբրեւ առաջին գլխաւոր Մենաստան: Վիեննայի այս Մենաստանը, իր կարգին ունի
տեղական Աբբահայր տիտղոսը կրող Վանահայր մը:
Զոյգ Միաբանութիւններու բոլոր առաքելավայրերն ու կեդրոնները կը կառավարուին
Ընդհանրական Աբբահօրմէ եւ իր միացեալ վարչական խորհուրդէն:
Ներկայիս Մխիթարեան միաբանութեան անդամներուն թիւը ներառեալ 3 եպիսկոպոսները՝
26 է:
Մխիթարեաններու Մշակութային Գործունէութիւնը
Մխիթարի օրինակին հաւատարմօրէն հետեւեցան իր
հաստատութեան անդամագրուող միաբանները, ջանալով իրագործել անոր գաղափարականը եւ
կատարելագործել ընդհանուր ծրագիրը հետեւողական կերպով: Այսինքն, ուսումնասիրել
ու ծանօթացնել Հայ ժողովուրդին իր պատմական, եկեղեցական, գրական, լեզուական,
գիտական ու մշակութային արժէքները դարերու ընթացքին:
Այս բացայայտ աշխատանքին դիմաց է որ ԺԹ. դարու Զարթօնք-Վերածնունդը անըմբռնելի
կը դառնայ առանց Մխիթարեաններու:
Մխիթար եւ իր յաջորդները ծրագրուած աշխատանքով տարիներու ընթացքին հաւաքած են
հայկական ընտիր ձեռագիրներ, փրկելով զանոնք կորուստէ: Այսօր Մխիթարեան
Մատենադարանները ունին շուրջ 5000է աւելի ձեռագիրներու ճոխ հաւաքածոյ մը
մեծարժէք ու բացառիկ կարեւորութեամբ:
Մխիթարեան զոյգ վանքերը հեռու գտնուելով աշխարհակործան աղէտներէ, դարերու
ընթացքին, համբերատար ու գուրգուրոտ խնամքով հաւաքած են Սփիւռքէն եւ Մայր
Հայրենիքէն հայ տպագրութիւններ, կազմելով ճոխ գրադարան մը, տասնեակ հազար
հատորներով, հայկական եւ եւրոպական լեզուներով, ինչպէս նաեւ ամսաթերթեր ու
հազուագիւտ հին հայ լրագիրներ:
Վենետիկի եւ Վիեննայի հարուստ թանգարաններուն մէջ կը պահուին անգնահատելի
գանձեր. անոնց ցուցափեղկերուն մէջ արդար հպարտութեամբ ցուցադրուած են հայկական
հին դրամներ, գորգեր, յախճապակիներ, արծաթագործութեան եւ սրբազան արուեստի
ցուցանմոյշներ, հայկական տարազներ:
300 տարիներէ ի վեր Մխիթարեան մամուլը եւ հրատարակչատունը կը շարունակեն
աշխատիլ գիտակից իրենց դերին ու պաշտօնին եւ մինչեւ այսօր Մխիթարեան
հրատարակութիւններուն թիւը կը հաշուէ հազարաւոր հատորներ, առանց նկատի առնելու
Մխիթարեան պարբերական մամուլը:
Ս.Ղազարի Հայկական Ակադեմիան, հիմնուած 1843ին եւ Վիեննայի վանքը ունեցան իրենց
պաշտօնաթերթերը՝ «Բազմավէպ»ը եւ «Հանդէս Ամսօրեայ»ն. երկուքն ալ մինչեւ այսօր
անընդհատ կը շարունակեն կատարել հայագիտական իրենց որակաւոր աշխատանքը:
Մխիթարեան զոյգ վանքերու տպարաններէն լոյս կը տեսնեն հրատարակութիւններու երկար
շարք մը, կազմելով Հայ դասական Հեղինակներու հաւաքածոն (գրաբար լեզուով):
Կը յաջորդեն պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւններ: Կը վերակառուցուի Հայկական
ամբողջական պատմութիւնը եւ գրականութիւնը. կը մաքրագործուի խեղաթիւրուած
Դասական Հայերէն լեզուն (գրաբարը) յարմար քերականութիւններով եւ հետազօտական
ուսումնասիրութիւններով:
Հայերէնի կը թարգմանուին յունական եւ լատինական, իտալական, ֆրանսական,
գերմանական ու անգլիական գրականութիւններու կարեւորագոյն գործերը: Եւ դեռ,
ծաւալուն գրադարան մըն ալ միջազգային ժամանակակից գրական գլուխ-գործոցներու
թարգմանութիւններ:
1784ին առաջին անգամ ըլլալով Հայ ազգը կ’ունենայ իր ամբողջական Պատմութիւնը
շնորհիւ Հ. Միքայէլ Չամչեանի եռահատոր հրատարակութեան, որ քաղելով իր
ծանօթութիւնները հայ եւ օտար բոլոր աղբիւրներէ, հիմը կը դնէ Հայկական քննական
պատմագրութեան:
Արուստագէտ վարդապետներ կը սկսին փորագրել հայկական քարտէսներ, պատկերազարդել
գիրքեր, հրատարակել արուեստի գործեր, հայ պատմական վայրերու, յուշարձաններու
նկարներ, վերարծարծելու համար հայ հողին եւ Հայ Մշակոյթին սէրը հոգիներուն մէջ:
Հայ թատերական շարժումն ալ շնորհիւ Մխիթարեան աշակերտներու կը սկսի ընդհանրանալ
ԺԹ. դարուն եւ կը ծաւալի հայ գաղութներու մէջ:
1836-1837-ին հրապարակ կ’իջնէ «Նոր Բառգիրք Հայկազեան Լեզուի» երկհատոր
բառարանը, որ տակաւին մինչեւ այսօր ալ անգերազանցելի կը մնայ, իբրեւ ամենէն
ընդարձակ եւ անփոխարինելի բառարանը. միակը իր տեսակին մէջ եւ փառքը
հայկաբանութեան:
Առաջին անգամ ըլլալով ժողովրդական հայերէնը, աշխարհաբարը կը դառնայ գրական
լեզու, մուտք գործելով հայ իրականութեան մէջ, ՏԱՐԳՐՈՒԹԻՒՆ եւ ԵՂԱՆԱԿ ԲԻՒԶԱՆԴԵԱՆ
պարբերականներու հրատարակութիւններով:
Նափոլէոն Ա. Պոնափարթ ճանչնալով Մխիթարեաններու իմացական գործունէութեան
բացառիկ երեւոյթը, 1810-ին կայսերական յատուկ հրամանագիրով, Վենետիկի Մխիթարեան
Մայրավանքը նկատեց իբրեւ Ակադեմական Հաստատութիւն: Հայ անուանի գիտնականներու
կողքին, Եւրոպացի մեծ հայագէտ գիտնականներ ալ մաս կազմեցին անոր, իբրեւ
անդամներ:
Մխիթարեանները կարելի չէ ճանչնալ ու կարելի չէ գնահատել պէտք եղած ձեւով, եթէ
մոռցուի անոնց ՀԱՅ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ:
Դատեցէք ինչպէս որ կ’ուզէք, գտէ՛ք անոնց գործին մէջ ամէն հնարաւոր թեութիւն,
կոչեցէք զիրենք միակողմանի, բայց մէկ բան կարելի չէ ենթարկել կասկածի.- անոնց
Հայութիւնը, կամ այսպէս կոչուած «Մխիթարեան ազգայնականութիւնը»: Մխիթարեան
աշակերտ եւ Հայ արդի բանաստեղծութեան մեծագոյն ներկայացուցիչ Դանիէլ Վարուժան
պարծանքով կը յայտարարէ.- «Ըղեղս հպարտ կը զգայ ինքզինքը՝ հպարտութեամբը
Մխիթարեան Իտէալին»:
Այսօր ալ Մխիթարեան Միաբանութիւնը, հակառակ վերջին տարիներու կեանքի զանազան
դժուարութիւններուն, կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը քալելով իր
հիմնադիրին գծած լուսաշաւիղ ճանապարհէն:
Մխիթարեան Վարժարանները
Գրական գործունէութեան զուգընթաց, Մխիթարեան
հայրերը դպրոցական ցանցով մը կը պաշարեն հայ կարեւոր գաղութները, համոզուած
ըլլալով թէ կրթութիւնը եւ մտքի լուսաւորութիւնը կենսական բարիք մըն են նոր
սերունդներու համար: Անոնք իրենց վարժարաններով անգնահատելի դեր կատարած են
անցեալին ու կը շարունակեն կատարել այսօր ազգապահպանումի խոր գիտակցութեամբ:
Մխիթարեան վարժարաններէն ելան բազմաթիւ ազգային դէմքեր, գրագէտներ,
բանաստեղծներ, արուեստագէտներ, քաղաքական անձնաւորութիւններ: Այսօր
Մխիթարեանները ունին վարժարաններ Փարիզ, Պոլիս, Հալէպ, Պէյրութ, Պուէնոս Այրէս
եւ Լոս Անճելըս:
Մխիթարեան Հայրերու Միաբանութեան
Համացանցային Կայքէջը
Մխիթարեան Հայրերու Միաբանութեան կայքէջը կը
գտնէք հետեւեալ հասցէին վրայ՝